2012-10-15 12:53:38

Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին Նուիրուած` Բանախօսական Հանդիպումներ.


Հաւատոյ Տարուայ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին, երեքշաբթի 16 հոկտեմբերին յետ միջօրէի ժամը 17-ին, Սպանիայի Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանատան մէջ, սկիզբ կ՛առնեն բանախօսական շարք մը հանդիպումներ որոնք նուիրուած են Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին։ Առաջինա բանախօսութեան նիւթն է <<եկեղեցաբանութիւնը վատիկանեան ժողովի մէջ>>, այս նիւթին մասին ելոյթ կ՛ունենայ Մատրիտի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անթոնիոյ Մարիա Րօուգօ Վարէլան։ Երկրորդ բանախօսութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ 23 հոկտեմբերի յետ միջօրէին <<Յետ Տիեզերական ժողովի Աստուածաբանութիւնը>> նիւթով որուն մասին կը բանախօսէ Հաւատոյ Ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Լուիս Լատարիայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.